2015-11-20 12:54:00

Հայր Լոմպարտի` ''Ֆրանչիսկոս Պապ Ափրիկէ կը մեկնի որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, հինգշաբթի 19 նոյեմբերին, մամուլին ներկայացնելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Ափրիկեան ցամաքամաս կատարելիք յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութիւնը 25 – 30 նոյեմբեր 2015-ին, ընդգծեց ճամբորդութեան կարեւոր կէտերը` խաղաղութիւն, միջկրօնական երկխօսութիւն եւ քրիստոնեայ նահատակներու վկայութիւնը, ապա հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնական Ափրիկէն կ՛այցելէ որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր։

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետական այս 11-րդ ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ առաջինը կատարուած Ափրիկեան ցամաքամասին որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը պիտի այցելէ երեք երկիրներ`  Քենիա, Ուկանտա եւ Կեդրոնական Ափրիկէ։

Հակառակ Կեդրոնական Ափրիկէի մէջ տիրող քաղաքական անկայուն իրավիճակին Հայր Լոմպարտի հաստատեց թէ առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը­, առ այժմ­, ոչ մէկ փոփոխութեան ենթարկուած է։

Սրբազան Հայրը իր այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին պիտի արտասանէ 19 ճար` 14 իտալերէնով երկուքը անգլերէն, երկուքը սպաներէն  եւ մէկը ֆրանսերէնով։

Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին` Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութեան պիտի ընկերանայ Քենիա եւ Ուկնատա բայց ոչ Կեդրոնական Ափրիկէ որովհետեւ նոյն օրերուն պիտի մեկնի Փարիզ` մասնակցելու եւ Սուրբ Աթոռը ներկայացնելու Փարիզի Կլիմայի մասին գումարուած Վեհաժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.